2016-07-11 13:24:00

Հայր Մայեւսքի` ''ՃՄՃ 25 տարիներ ետք տուն կը վերադառնայ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ռատիովատիկանի լեզուային խմբագրութիւններու տնօրէն` Յիսուսեան Միաբանութեան անդամ Հայր  Անտրէյ Մայեւսքի, անցեալ օրերուն հարցազրոյց մը ունեցաւ Ռատիովատիկանի իտալական բաժնի հետ որուն ընթացքին անդրադարձաւ, որպէս Լեհ, յառաջիկայ օրերուն Քրաքովիայի (Լեհաստան) մէջ  նշուելիք Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրերուն։

Հայր Մայեւսքի հաստատեց թէ 25 տարիներ ետք ԵՀՕ կը վերադառնան Լեհաստան. Լեհաստան մը որ արմատապէս փոխուած է բազմաթիւ նորութիւններով ու բազմաթիւ հարցերով - ըսաւ հայր Մայեւսքի ապա նշեց թէ այս տարուայ ԵՀՕ տեղի կ՛ունենայ Քարոլ Վոյթիլա քահանայապետի քաղաքին մէջ, որ է նաեւ Քոյր Ֆաուսթինա Քովալսքայի ''ողորմութեան սրբուհիին'' քաղաքը։

Այդ հաւաքը, ըսաւ հայր Մայեւսքին­, առիթ կ՛ընծայէ բազմաթիւ երիտասարդներուն ոչ միայն իրարու հանդիպելու այլեւ միասին ապրելու հաւատքի փորձառութիւնը։ 

Հայր Մայեւսքի  ակնարկելով ապա Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի եւ Ֆրանչիսկոս Պապին մօտեցումին ու խօսքերուն ուղղուած երիտասարդներուն հաստատեց թէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կը խրախուսէր երիտասարդները ըլլալու իրենք իրենց հետ ''պահանջկոտ'' ու յանձնառու մինչ Ֆրանչիսկոս Պապ այսօր անոնց կը յանձնարարէ նոյն յանձնառումով գործելու ի սպաս տկար ու կարիքաւոր անձերուն։ ''Երկու հրաւէրներ որոնք կարիքը ունին քաջ ընտրութիւններու ու մենք մեզմէ դուրս ելլելու ու ընթանալու դէպի ուրիշը'' ըսաւ Հայր Մայեւսքի մատնանշելով երիտասարդներու հաւաքին մէկ յատկանշական արարողութեան որ տեղի պիտի ունենայ 26 Յուլիսին` Ֆրանչիսկոս Պապին Քրաքովիա ժամանումէն մէկ օր առաջ, որ կը նախատեսէ ԵՀՕ բացման սուրբ պատարագի արարողութիւնը, զոր պիտի գլխաւորէ Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Տժիվիչը որ երկար տարիներու ընթացքին եղաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ անհատական քարտուղարը։

''Այդ սուրբ արարողութեան ընթացքին խորան պիտի բերուի, Աստուածային Ողորմութեան Սրբավայրէն ժամանած ''ողորմութեան ճրագը'' որ երիտասարդութեան հաւաքի բոլոր օրերու ընթացքին պիտի ընկերանայ երիտասարդներուն'' ըսաւ Հայր Մայեւսքի ի յայտ դնելով թէ այս տարուայ հաւաքը կը զուգադիպի ողորմութեան սուրբ տարուայ եւ Քրաքովիայի մէջ տեղի ունեցած արարողութիւնները կը յատկանշեն երիտասարդներու Ողորմութեան յոբելեանը։

Հայր Մայեւսքի անդրադարձաւ ապա Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Լեհաստան կատարելիք հովուական այցելութեան հանգրուաններուն ու յատկապէս Լեհաստանի մկրտութեան 1050-րդ տարեդարձին` որ կը նշուի այս տարի, յոյս յայտնելով որ Սրբազան Քահանայապետին այս այցելութիւնը, ինչպէս անցեալին կատարուած Քահանայապետական այցելութիւնները, նոր պտուղներ բերէ ու սատարէ միշտ վառ պահելու յիշատակը անցեալի գաղափարախօսութիւններէն բխած չարիքներուն` որպէսզի անոնք դարձեալ չկրկնուին։

Զրոյցի աւարտին Հայր Անտրէա Մայեւսքի անդրադարձաւ նաեւ Ռատիովատիկանի գործունէութեան ու այս առթիւ բոլոր լեզուներով անոր ներկայացնելիք լուսաբանութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.